Saint Gregory Armenian Apostolic Church ​of Merrimack Valley
  • Home
  • News & Events
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Cigar Night and Super Raffle
      • Mercedes Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
  • Giving
    • Online Giving
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search

ՅՈՅՍԻ ՆՈՐ ԵՐԳ ԵՐԳԵՆՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ

4/6/2021

0 Comments

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատիկի պատգամ

Picture
  Քրիստոնեայ աշխարհը, առհասարակ, այսօր կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը՝ աստուածային գերազանց յաղթանակն ու անպարտելի զօրութիւնը երկնքի եւ երկրի բոլոր ոյժերուն վրայ անզուգական ձեւով, զոր կը կարդանք Սուրբ Գրքին մէջ. «Իմ ճամբաս տարբեր է մարդոց ճամբաներէն»  (Ես 55.8)։ Արդարեւ, Ուրբաթ օր Երուսաղէմ՝ խաղաղութեան քաղաքը, թոհուբոհի եւ անորոշութեան մէջ էր։ Խելագարած ամբոխը, դրդուած ղեկավարներէն, կը գոռար՝ «թող խաչուի, թող խաչուի» (Մտ 27.23), շփոթահար կուսակալը ի զուր կը փորձէր մահուան վճիռը փոխել, իսկ ծախուած, լքուած եւ ուրացուած Վարդապետին աշակերտները ամբողջական յուսահատութեան մէջ էին։ Շաբաթ առաւօտ հոգեւոր ղեկավարները, դեռ եւս չգոհանալով խաչելով ու թաղելով Նազովրեցի Վարդապետը, կը խնդրեն Պիղատոսէն որ կնքէ գերեզմանը, առարկելով որ գուցէ Աշակերտները, որոնք սարսափահար խոյս տուած էին Իրենց Վարդապետին ձերբակալման պահուն, կը համարձակին գալ եւ գողնալ մարմինը՝ պահակներու հսկողութեան տակ գտնուող գերեզմանէն։ Ասիկա արդէն ծայր աստիճան արտառոցութիւն էր, որուն Պիղատոս ընթացք կու տայ հաճելի թուալու համար անոնց։ Զգուշութեան մարդկային բոլոր միջոցները երբ կը սպառին՝ լռեցնելու համար Անլռելին եւ անհետացնելու հետքը Անկորնչելի Արդարին, ահա Կիրակի առաւօտ Թաղեալ Լոյսը, որ Իր կենդանութեան յայտարարած էր «Ե՛ս եմ Յարութիւնը», գործով կ՛ապացուցէ մեռելներէն յարութիւն առնելով։

  Յարութիւնը՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ յաւերժական արշալոյսը, գօտեպնդեց յուսահատած ու ցրուած Առաքեալները, որոնք իրենց հերթին լուսաւորեցին խաւարի ու անգիտութեան մէջ բնակողները։ Աշխարհին բացուելով, անոնք լիովին փոխակերպեցին ընկերութեան մտածողութիւնը՝ անդրանցնելու նիւթական եւ շօշափելի մօտեցումը մարդկային գոյութեան, եւ կեանքի գերագոյն նպատակը հասկնալու աստուածային պրիսմակէն դիտուած։  Արդարեւ, Յարութիւնը քօղազերծեց մահէն անդին յաւերժական կեանքի խորհուրդը, եւ երկրաւորներս պարուրեց անպատում այն ցնծութեամբ, թէ երկնաւոր Հօր Շնորհքով մահկանուցներս դարձեալ արժանացած ենք անմահութեան, եւ ուխտաւորներ ենք այս կեանքէն դէպի Կեանք։

   Այսօր, մեր հաւատքի վերանորոգումն է, որ կը տօնակատարենք Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեամբ, որ ոչի՛նչ խնայեց մեր փրկութեան համար։ Տառացի կերպով Ան զգեցաւ մեր մեղանչական բնութիւնը եւ զայն մաքրեց իր սուրբ արիւնով։ Մեզի՛ համար «ան կրեց մահուան վարձքը» (Հռ 6.23) եւ «Իր մահով ոչնչացուց մահուան խայթոցները» (Ա Կր 15.55), միանգամընդմիշտ մեզի հայթայթելով տոկուն փաստը, թէ Ինք կենդանի է եւ միշտ մեր հետ է, ինչպէս խոստացաւ առաքեալներուն (Մտ 28.20): Աւելին՝ Ան միշտ կը խօսի մեր հետ եւ ամենայն համբերութեամբ կը սպասէ Խաչին վրայ արտայայտած իր սիրոյն դրական պատասխանին։

   Այս ուղղութեամբ, կ՛ուզեմ պատկեր մը գործածել գիտական աշխարհէն առնուած։ Արհեստագիտութեան հրաշալի գիւտերէն մէկը, այսպէս կոչուած GPSն է, որ կը խօսի եւ միշտ կ՚ուղղէ մեզ, որ հասնինք մեր նպատակադրած հասցէին։ Ամէն անգամ որ ձախողինք անոր հետեւելէ եւ կամ ճամբու վրայ անակնկալներ կամ փոփոխութիւններ պատահին, միշտ կ՚օգնէ մեզի, որ մեր ուղղութեան մէջ մնանք։ Այս երեք տառերը կը կազմեն սկզբնատառերը անգլերէնով G(lobal) P(ositioning) S(ystem)  «համաշխարհային դիրքորոշման համակարգ» բառերուն։ Պահելով հանդերձ սկզբնատառերը, երբ փոխենք զայն հետեւեալին՝ G(od) S(peaks) P(ersonally) «Աստուած անձնապէս կը խօսի» մեր հետ, կը տեսնենք որ իրապէ՛ս Աստուած ՄԻՇՏ կը Խօսի մեր հետ եւ երբե՛ք չի հրաժարիր երբ մեղանչենք եւ հեռանանք Իրմէ։ Այս ձեւով մենք հասու կ՚ըլլանք նաեւ Բանականութիւն-Գիտութիւն եւ Հոգի-Հաւատք ներդաշնակութեան։

    Արդարեւ, Աստուած բոլոր ժամանակներուն անձամբ խօսած է իր ստեղծագործութեան պսակ՝ մարդուն հետ։ Եդեմի պարտէզին մէջ՝ Նախածնողաց հետ, նահապետներու՝ Նոյի եւ Աբրահամի հետ, մարգարէներու՝ Մովսէսի, Սամուէլի, Դաւիթի հետ, եւ ի լրումն ժամանակի Աստուած անձամբ խօսեցաւ իր Միածնին՝ Յիսուսի Քրիստոսով եւ Առաքեալներու միջոցաւ համայն աշխարհին։

    Հայ ժողովուրդը եղաւ առաջիններէն յարուցեալ Կենդանի Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ զայն թարգմանելու հաւատքի, մշակոյթի, արուեստի, ի մի բան՝ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Որքա՜ն հիասքանչ դասաւորում ըրած  են մեր եկեղեցւոյ Հայրերը այս ուղղութեամբ, երբ ամէն անգամ որ Աւետարան կարդացուի, դպրաց դասը կ՛երգէ՝ «ասէ Աստուած» («Աստուած կ՛ըսէ, կը խօսի»), մեզի յիշեցնելով որ Աստուած ո՛չ միայն անցեալին, այլ նաեւ այսօր կը խօսի իւրաքանչիւրիս։

   Այո՛, Աստուած մշտատեւ կը խօսի կեանքի եւ յարութեան մասին առհասարակ ամբողջ ստեղծագործութեան, մեր խղճի ձայնին, Սուրբ Գրքի ընդմէջէն, բայց մանաւանդ Յիսուս Քրիստոսով, որ ամենայն  հեղինակութեամբ  յայտարարեց՝ «Ե՛ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը» (Յհ 14.6): Ո՛չ մէկ կասկած որ բազմաթիւ ճամբաներ կան ընթանալու, կրօններու ուսուցումներ կան ճշմարտութեան մասին, եւ գիտական աշխարհի խոստումներ՝ բարգաւաճ կեանքի համար, սուրբ Յարութեամբ աւետուած հաւատքը այդ ամէնքը ներառնելով հանդերձ մեզի կը փոխանցէ նոր պատգամ մը։ Յարուցեալ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը Իր արիւնով փրկուածներուս հետ կը փափաքի միշտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ, խօսիլ մեր հետ ու լսել մեզ, եւ նորոգել մեզ։  Ինչպէս արեւը երկրի եւ ովկիանոսներու մակերեսին ու ընդերքը գտնուող էակները կը կենսաւորէ ու կը նորոգէ իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնը պահելով, նմանապէս Յարուցեալ Քրիստոս՝ ներթափանցելով իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, կը փոխակերպէ մեր անհատականութիւնն ու նկարագիրը, եւ աւելի կատարեալ կը դարձնէ մեր աշխարհահայեացքը եւ յարաբերական կեանքը։

​    Մենք մեզ յանձնելով եւ վստահելով յարուցեալ Քրիստոս Աստուած-GPSին, Ան ո՛չ միայն մեզ անսայթաք կ՛առաջնորդէ սահմանէ սահման, ցամաքամասէ ցամաքամաս, կամ նոյնիսկ մոլորակէ մոլարակ, այլ ժամանակի ու տարածքի հասկացողութենէն անդին անհունութիւն ու յարերժութիւն, կեանքը առ յաւէտ ապրելու Արարիչ Աստուծոյ հետ։
Այս հասկացողութեամբ տօնենք Խաչեալ, Թաղեալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը։ Համաշխարհային համավարակի, բայց մանաւանդ ազգային մեծ աղէտի դժնդակ այս շրջանին դիմաւորենք մեր կեանքին մէջ նորոգեալ հաւատքով Յարուցեալ Տէրը, որ խոստացաւ մեզի «Կեանք եւ առաւել կեանք պիտի ունենանք» (Յհ 10-10): Յոյսի ու Կեանքի նոր երգ երգենք յարութեան շունշով տոգորուած, նոյնիսկ մահուան ձորին մէջէն եթէ քալենք, վստահ ըլլալով որ Տէրը մեր հետ է (տե՛ս Սղ 23.4), եւ գոհաբանենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս․ ամէն։

0 Comments



Leave a Reply.

    Archives

    March 2023
    October 2022
    September 2022
    August 2022
    July 2022
    April 2022
    March 2022
    January 2022
    December 2021
    October 2021
    September 2021
    August 2021
    July 2021
    April 2021
    January 2021
    December 2020
    September 2020
    June 2020
    February 2020
    January 2020
    December 2019
    November 2019
    October 2019
    September 2019
    August 2019
    July 2019
    June 2019
    May 2019
    April 2019
    March 2019
    February 2019
    January 2019
    December 2018
    November 2018
    October 2018
    September 2018
    July 2018
    June 2018
    April 2018
    March 2018
    February 2018
    December 2017
    November 2017
    September 2017
    August 2017
    May 2017
    April 2017
    March 2017
    January 2017

    Categories

    All
    News

    RSS Feed

    Print Blog

Location

SEARCH
Print Page

Contact Us

  • Home
  • News & Events
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Cigar Night and Super Raffle
      • Mercedes Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
  • Giving
    • Online Giving
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search