Saint Gregory Armenian Apostolic Church ​of Merrimack Valley
  • Home
  • News & Events
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Mercedes Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
  • Giving
    • Online Giving
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

7/16/2018

0 Comments

 

​Նորթ Անտովըր, 10-12 ՄԱՅԻՍ, 2018

Picture
Գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ
արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր,
Յարգելի երեսփոխաններ,
Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ եւ
Սիրելի հիւրեր,


Այս պահուս, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Երեսփոխանական Ընդհանուր Ժողովը պաշտօնապէս արդէն իսկ յայտարարուած է, քրիստոնէական սիրով եւ հայրական գորովանքով կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ, ձեր մէջ տեսնելով ծառայական այն ոգին, որ մղիչ ոյժն է ձեր նուիրումին՝ հանդէպ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։

Առաջին առիթով, փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ ամենաբարին Աստուծոյ, որ իր առատ ողորմութեամբ եւ քաղցր սիրով օրհնեց մեզ՝ որպէսզի Աւետարանի քարոզութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն ու աւանդութեանց հաւատարմութեամբ ծառայենք մեր պանծալի ժողովուրդին։

Երախտագիտական զգացումներով եւ որդիական ակնածանքով շնոր-հակալութիւն կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժա-նընտիր Վեհափառ Հայրապետին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որ իր յորդորներով եւ ցուցմունքներով մեծապէս օգտակար դարձաւ՝ մեր Թեմի հոգեւոր եւ վարչական կեանքին բարւոք ընթացքին համար։

Եղբայրական ողջոյնի խօսք ունիմ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդին՝ Բարձրաշնորհ Տ․ Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին եւ Քանատայի Թեմի Առաջնորդին՝ Բարձրաշնորհ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին։ Ինչպէս անցնող տարիներուն, նոյնպէս ալ այժմ, մեր յարաբերութիւնները մեր քոյր թեմերուն հետ եղան եւ պիտի մնան մտերիմ եւ եղբայրական, միշտ ալ գործնապէս աջակցելով իրարու եւ գործակցելով հոգեւոր ու ապագային մեր ծրագիրներուն մէջ։ Երկու Սրբազան Առաջնորդ հայրերուն կը մաղթեմ յաջողութիւն՝ իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։

Եղբայրական ողջոյններ Էջմիածնական Թեմի Նորընտիր Առաջնորդին՝ Հոգեշնորհ Տէր Դանիէլ Վարդապետ Ֆնտքեանին։ Ինչպէս անցնող տարիներուն, վստահ եմ որ Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն շահերուն համար, պիտի շարունակենք գործնապէս աջակցիլ իրարու՝ մեր եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ յառաջդի-մութեան համար։

Յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական Ժողովներուն, մեր Թեմի եկեղեցական բոլոր համայնքներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, յատուկ ողջոյնի խօսք ունիմ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժանապատիւ Տէր Ստեփան Քահանայ Պալ-ճեանին, Հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն, որոնք կը հիւրընկալեն ներկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը եւ մեր կեցութիւնը կը դարձնեն հանգիստ եւ հաճելի։ Տասնըհինգ տարի առաջ, երբ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց մեր Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը, յատուկ գնահատանքով քաջալերեցի զիրենք, այն «նկատառելի յանդգնութեան» համար, որ ծխական փոքր գաղութ մը կը կազմակերպէր եւ իր այդ քայլով փորձառութիւն ձեռք կը ձգէր յառաջիկային եւս հանդիսանալու մեր աշխոյժ, գործնապաշտ ու յառաջադէմ համայնքներէն մէկը։ Ահա այս ժողովին այստեղ գումարումը լաւագոյն վկայութիւնն է իրենց անխոնջ աշխատանքին, նուիրումին եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան։

Սրտի պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնել Առաջնորդական Փոխանորդին՝ Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանին, իր ան-սակարկ ծառայութեան համար, մեր հոգեւոր հովիւներուն եւ քահանայ հայրերուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական ժողովներուն անդամներուն, Թեմիս հոգաբարձական կազմերուն, նուիրեալ ազգայիններուն եւ բարերարներուն, Տիկնանց Միութիւններուն թէ դպրաց դասերուն մէջ ծառայող սարկաւագներուն ու դպիր-դպրուհիներուն, որոնք հաւատարմութեամբ եւ ժրաջանութեամբ ծառայեցին մեր ժողովուրդին եւ նպաստեցին ներդաշնակ ու արդիւնալից գործունէութեան եւ անոնց իրագործումներուն։

​***

Սիրելի՛ Ժողովականներ եւ հիւրեր, 

Քսան տարի առաջ, Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի եւ Քանատայի Թեմի Երեսփոխանական Ժողովին ընտրութեամբ եւ հրաւէրով, ստանձնեցի Թեմիս առաջնորդական պաշտօնը, եւ հինգ շրջանի համար վերընտրուելէ ետք, այսօր այլ առաջնահերթութիւններ պատճառ կը դառնան, որ Երեսփոխանական այս պատկառելի ժողովին դիմաց հրաժեշտ տամ առաջնորդական հոգեւոր եւ վարչական իմ պաշտօնիս, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն Թեմիս առա-քելութեան եւ ծառայութեան։

Յետադարձ ակնարկով մը, երբ կը վերանայիմ քսան տարիներու իմ ծառայութեան, հոգեկան խաղաղութեամբ ամէն բանէ առաջ փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ, որ զիս հոգեպէս, մտապէս եւ ֆիզիքապէս կենսունակ պահեց, որպէսզի, իմ ոյժերուս ներած չափով, գոհացնեմ այն բոլոր կարիքները, որոնք կը միտէին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր աճումին, եւ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդի զաւակներ, շարունակեմ պահել դարերէ եկող սուրբ կտակը առաւել պայծառութեամբ եւ ոգեղինութեամբ եւ զայն ծառայեցնել Աստուծոյ փառքին եւ մեր եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան։ Առանց Աստուծոյ օգնականութեան, վստահ եմ որ մարդկային մեր միտքն ու մարմինը պիտի չկարենային դիմանալ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն։

Աստուծոյ տուած փառաբանութեան կողքին, կ՚ուզեմ սրտանց շնորհա-կալութիւն յայտնել յատկապէս պանծալի մեր ժողովուրդին եւ գործակից ժողովականութեան –Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Հոգաբարձութիւններուն– իրենց ցուցաբերած ներդրումներումներուն եւ ցուցմունքներուն համար։

Չեմ գիտեր թէ ո՛րքան կարողացայ աշխոյժ եւ ազդու պահել այն ժառանգը, որ իմ նախորդս՝ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանը ծրագրած եւ իրագործած էր, իր ալ քսան տարիներու ծառայութեան ընթացքին։ Անոր երախտարժան նուիրումին որպէս արդիւնք, Ազգային Առաջնորդարանս իր համայնքներով միասին, համեստ վիճակէ սլացաւ դէպի նորանոր իրագործումներ, ստեղծեց եւ կազմակերպեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Հայեցի Դաստիարակութեան խորհուրդները, որոնք ձեռնհասօրէն կատարեցին եւ կը շարունակեն կատարել իրենց դիմաց կանգնող պարտաւորութիւններն ու կարիքները, միշտ նկատի ունենալով արհեստավարժական նորանոր ու շինիչ միջոցներ, առաւել եւս օգտակար հանդիսանալու համար հաւատացեալներուն հոգեւոր եւ ազգային սնուցումին։ Զանազան եւ բազմատեսակ ծրագիրներու իրագործումը կը կարօտի նուիրեալ անձերու, որոնք ցայժմ ունինք, բայց անհրաժեշտ է գտնել ու պատրաստել նոր մարդուժ, մասնագիտացած անձեր, որոնք իրենց կարողութիւնները, ձիրքերն ու տաղանդները ի գործ դնեն թարմ եւ օգտակար յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար։

Ամենէն յատկանշական աշխատանքը որ Ազգային Վարչութիւններու քաջալերանքով կատարեցի՝ հոգեւորականներու պատրաստութեան ծրագիրն էր։ Լուրջ մտահոգութեան եւ կարիքի դիմաց կը գտնուէր մեր հոգեւորա-կանաց դասը։ Անհրաժեշտ էր ունենալ Արեւմտեան արժէքները եւ կարիքները գոհացնելու կարող անձեր, որպէսզի ուսումով եւ պատրաստութեամբ լից-քաւորուէին, կարենալ լեցնելու եւ գոհացնելու մեր եկեղեցւոյ եւ հաւատա-ցեալներուն կարիքները։ Անոնց յաջողութեամբ, մեր հոգեւորականաց դասը կարող ըլլայ դառնալու միջոց՝ մեր թեմի համայնքներու կենսունակութեան եւ յառաջդիմութեան։ Արտաքնապէս դիւրին աշխատանք կը թուի, սակայն պատասխանատու եւ դժուարին նախաձեռնութիւն է։ Այսօրուան աշխարհայ-նացած աշխարհը, պատանի սերունդին ընտրութիւն կատարելու ազատութիւնը եւ իրաւունքը, ընտանեկան եւ ընկերային պարտաւորութիւններ, առողջ դաստիարակութեան եւ կրթութեան դժուարութիւնները՝ դպրոցներէ ներս եւ երբեմն ընտանիքներէ ներս, մեզ դէմ յանդիման կը դնեն լուրջ մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու։ Երկար ժամանակի վրայ տա-րածուող հեռատես աչքեր պէտք են, գոհացնելու համար ապագային մեր դիմաց ցցուող կարիքները։ Եւ ճանչնալով, տեսնելով պահանջը հոգեւոր ու մտաւոր պատրաստութեամբ զինուած պատանիներու եւ երիտասարդներու, առինք հոգեւորականներու պատրաստութեան յանդուգն քայլը, եւ ուրախ եմ յայտնելու որ մեծ չափով յաջողեցանք։ Գալով պատանի մեր սերունդին, մեր ծխականներու զաւակներու հոգեւոր եւ մտային պաշարին զօրացման, ջանացինք կատարել ճիշդ ախտաճանաչում եւ գտնել բուժիչ լուծում։ Ահա մեր մտահոգութիւնները գոհացնելու համար, կազմեցինք Երիտասարդական Ծառայութեան յանձնախումբը, որուն առաջնահերթ պարտականութիւնն է՝ կարելի չափով մեր պատանի սերունդը ներառնել մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, զիրենք զինել հոգեւոր արժէքներով եւ ազգային գիտակցութեամբ, պատրաստել ապագայի սերունդ մը, որպէսզի մեր ժողովուրդի ոսկեղէն շղթան երկարի ու երկարի նոր օղակներով, աւելի գիտակից յանձնառութիւններով։ Որքա՜ն ուրախ եմ այն յաջողութիւններով, որոնք սկիզբ առած են։ Որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլամ ձեր բոլորին՝ հոգեւոր հայրեր, երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամներ, մանաւանդ գիտակից ծնողներ, երբ ձեր ուսերուն դրուած պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները յաջողապէս կատա-րէք, ո՛չ թէ այսօրուան նեղ ու սահմանափակ ժամանակին համար, այլ մանաւանդ ապագայի փայլուն տեսիլներով եւ ակնկալութիւններով։ Ձեր աշխատանքը դիտեցէք յարաբերականութեան դրական տեսանկիւնէն, ընդու-նելով եւ տեսնելով որ մեզմէ աւելի յաջող գործ ու աշխատանք տանողներ կան, եւ ձգտինք լաւագոյնին ու աւելիին, եւ ոչ թէ գոհանանք ժխտական յարաբերականութեամբ, որ հիւանդը կ՚ունենայ, երբ ինքզինք կը մխիթարէ՝ մտածելով որ իրմէ աւելի տառապող ու ցաւող հիւանդ ալ կայ։ Եթէ անցնող տարիներուն ընթացքին յաջողութիւններ արձանագրուեցան, (գործը ի՛նք թող խօսի), այդ բոլորը կը պարտիմ հաւաքական մեր ճիգին, զոհողութեան, սկզբունքներու հաւատարմութեան, ժողովականութեան եւ պաշտօնէութեան ժրաջան աշխատանքին, մա՛նաւանդ մեր ժողովուրդին նուիրումին եւ հաւա-տարմութեան, իսկ թերացումները՝ անպայմանօրէն ակամայ, վերագրեցէք իմ անձիս եւ հարցերը ճիշդ կամ յստակ տեսնելու կարճատեսութեանս։ Շատ լաւ գիտեմ նաեւ, որ միայն աշխատող մարդն է, որ կը թերանայ կամ կը սխալի։ Մեր հաւաքական յիշողութիւնը պէտք չէ ողբայ, երբ ետ կը նայինք, ընդհակառակը, անիկա պէտք է խթանէ մեր կարողութիւնները՝ նոր յաջողութիւններ նուաճելու համար։ 


Սիրելի՛ ժողովականներ եւ հիւրեր,   
 
Աստուծոյ դիմաց եւ մեր ժողովուրդին կարիքները գոհացնելու հրամայականին դիմաց, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մեզ կը մղէ առաւել զսպանակումի եւ աշխատանքի։ Մեր սրբազան եկեղեցւոյ հաւատքի ճշմարտութիւնները, մեր նուիրական ժողովուրդի մշակութային անգին ժառանգութեանց տիրութիւնը եւ տարածումը, մէկ խօսքով, ամբողջական հայու ինքնութիւնը դրոշմելու մեր առաքելութիւնը, ոեւէ ատեն պէտք չէ ստուերի տակ մնայ։ Դարերով, մեր հայրերը իրենց անվերապահ զոհողութիւններով պահեցին մեր ազգին սրբազան աւանդը։ Տխուր եւ ահաւոր պահեր մթագնեցին մեր ժողովուրդին կեանքը՝ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հանդէպ գործուած ցեղասպանութեամբ՝ վերջնական կորուստի սպառնալիքներով։ Բայց մեր տոկուն հաւատքը, վստահելի յոյսը եւ ցեղային մեր ապառաժեայ նկարագիրը Արարատի կրանիթին նման անբեկանելի, ցցուեցաւ թշնամիին դէմ եւ յարատեւ պայքարով վերապրեցանք, վերստեղծեցինք։ Քանի մը շաբաթէն պիտի տօնախմբենք Մայիսեան փառաւոր յաղթանակին 100-ամեակը։ Անիկա մե՛ր պատմութիւնն է, խիզախումը եւ յաղթանակը։ Ակա՛նջ տուէք նահատակ մեր սուրբերու կանչին, մասնակցեցէք հերոսական մեր ժողովուրդին պայքարին, որպէսզի տօնախմբութիւնները պատգամ ըլլան եւ ոչ թէ յիշատակ։

Յաճախ, ես ալ պատգամ ուղղած եմ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին։ Յուզումով ձեզի կու տամ առաջնորդական վերջին պատգամս։ Տասնըինը տարիներ անխափան պատգամներու միջոցաւ ձեզի փոխանցեցի եւ թելադրեցի, որ ուշադրութիւն դարձնէք այն հարցերուն, որոնք ամէն տարի տարբեր հրամայականներով կ՚ունենայինք եւ կը ջանայինք լուսարձակի տակ բերել զանոնք եւ լուծումներ որոնել։ Ձեր ակնկալութիւնները, ցուցմունքները եւ մանաւանդ յարգալից վերաբերմունքը արժեւորեցին կեանքս, մտապէս հարստացուցին զիս եւ, որպէս մարդ անհատ, ունեցայ բազմաթիւ գործըն-կերներ եւ հարազատ բարեկամներ։ Սրտի պարտք կը զգամ անկեղծ շնորհա-կալութիւն յայտնել բոլորին անխտիր, Առաջնորդական Տեղապահին, հոգեւոր հովիւներուն, ժողովական իմ գործակիցներուս, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, բարերարներու, եկեղեցւոյ եւ ազգին նուիրուած բոլոր ազ-գայիններուն եւ կը յորդորեմ բոլորդ որ գործէք «իրարու հետ, իրարու համար»։

Խօսքս կ՚աւարտեմ հետեւելով մեր Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հրա-ժեշտի խօսքերուն․-
«Սիրեցէք զիրար»։ Սիրեցէք մեր Եկեղեցին, Հայրենիքն ու ժողովուրդը։
Շնորհակալութիւն։
​
                  
ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

10 Մայիս, 2018​
Նորթ Անտովըր  

0 Comments



Leave a Reply.

    Archives

    October 2022
    September 2022
    August 2022
    July 2022
    April 2022
    January 2022
    December 2021
    October 2021
    September 2021
    August 2021
    July 2021
    April 2021
    January 2021
    December 2020
    September 2020
    June 2020
    February 2020
    January 2020
    December 2019
    November 2019
    October 2019
    September 2019
    August 2019
    July 2019
    June 2019
    May 2019
    April 2019
    March 2019
    February 2019
    January 2019
    December 2018
    November 2018
    October 2018
    September 2018
    July 2018
    June 2018
    April 2018
    March 2018
    February 2018
    December 2017
    November 2017
    September 2017
    August 2017
    May 2017
    April 2017
    March 2017
    January 2017

    Categories

    All
    News

    RSS Feed

    Print Blog

Location

SEARCH
Print Page

Contact Us

  • Home
  • News & Events
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Mercedes Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
  • Giving
    • Online Giving
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search