Պատգամ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Ուղղուած Տարեկան ԺողովինԳերապատիւ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովոյ մեծարգոյ եւ ազնուափայլ անդամ-անդամուհիներ, Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Դանիէլ Եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ, Քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչ։ («Հայրենիք» շաբաթաթերթը առանձնացուցի, անոր համար որ ինչպէս բոլորիդ ծանօթ է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս 2019 տարին հռչակած է Հայ Մամուլի Տարի, եւ հետեւաբար կ՛ողջունենք մեր մէջ Հայրենիքէն հեռու, բայց միշտ Հայրենիքի կեանքով առլցուն "Հայրենիք" շաբաթաթերթի ընտանիքի ներկայայցուցիչը)։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի որպէս հինգերորդ առաջնորդ, Երեսփոխանական Ժողովի իմ անդրանիկ պատգամիս մէջ առաջին հերթին կ՛ուզեմ որդիական խոնարհազգաց երախտագիտութիւնս յայտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ առաջնորդական ընտրութեանս, եւ աւելին՝ փութացուց Արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը շնորհել։ Շնորհակալութեան երկրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անցեալի ու ներկայի անդամներուն, եւ իրենց պատկան համայնքներուն անխտիր, որոնք գովելի նախանձախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ բոլորուելով Ազգային Առաջնորդարանի շուրջ, վեց տասնամեակներու վրայ գործեցին մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու յառաջդիմութեան համար, եւ վերջին ժամանակներուն մեր վտիտ ուսերուն վստահեցան Առաջնորդական այս լուծը։ Շնորհակալութեան երրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներուն, հոգեւոր եղբայրներուս առհասարակ, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, որոնց անվերապահ աջակցութեամբ անցնող ութը ամիսներուն հոյակապ իրագործումներու ականատես եղանք ամէնքս։ Շնորհակալութեան չորրորդ խօսքս կ՛ուղղեմ մեր քոյր կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ ազգայիններու, որոնց գործակցութիւնը երաշխիքն է Թեմիս հզօրացման ու զարգացման։ Յուսով եմ որ Ամենակարողին օգնութեամբ եւ ամէնքիդ գործակցութեամբ, ակնկալուած յոյսերը կ՛արդարանան։ Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ հոգեւոր եղբայրներուս Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսներուն, որոնց հետ մշտական կապի մէջ ըլլալով, մեզի վիճակուած առաքելութիւնը մեր ոյժերու ներած չափով կը փորձենք ի գործ դնել, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Դանիէլ եպիսկոպոս Ֆնտըգեանին իր անկեղծ ու սրտբաց գործակցութեան համար։ (Սրբազան Հայրը անցեալ Կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Իշխան՝ Եպիսկոպոսութեան կարգով, եւ կը խնդրեմ Տէր Աւետ Քահանայ Թէրզեանէն որ յանուն Պատկառելի Ժողովիս մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցէ Առաջնորդ՝ Դանիէլ Սրբազան Հօր)։ Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ անցնող երեսուն եւ հինգ տարիներու ծառայութենէս ետք որպէս քարոզիչ, հովիւ, եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ հոգելոյս Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսին, ապա Բարձրաշնորհ Տէր Օշական Արքեպիսկոպոսին, այսօր Առաջնորդական պաշտօնի պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ երբ մտածումներս կ՛ուզեմ բաժնել ձեզի հետ որպէս նոյն նպատակին լծուած գործակիցներ, փոխադարձ վստահութեան ու գործակցութեան մթնոլորտին մէջ կ՛ուզեմ իմ ըմբռնումովս յստակեցնել Ազգային Առաջնորդարանի եւ անոր ենթակայ Ծուխերու ինքնութիւնը եւ առաքելութիւնը, եւ այս պրիսմակէն դիտուած՝ շարունակել մեր ծառայութիւնը նախնեաց ուղիով, վերաշխուժացնելով այս հոգեւոր հաստատութեան ծրագիրները՝ ի խնդիր մեր ներքին կառոյցներու հզօրացման, եւ արտահաս օժանդակութեան շարունակման։ Ինքնութեան/պատկանելիութեան շրջագծէն ներս ամենէն յատկանշական հաստատումը ինծի համար եղած է Սուրբ Պատարագի ընթացքին գոհաբանական աղօթքի ընթացքին օրուան կաթողիկոսին անուան յիշատակման առթիւ արտասանուած սա բառերը.- "եւս առաւել զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն՝ Ամենայն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ"։ Չեմ գիտեր թէ երբեւիցէ անդրադարձած էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ այս գողտրիկ անուան գեղեցկութեան ու ջերմութեան, եւ անկէ ճառագայթող ու մեզ իրար շաղախող ներքին ոյժին։ Այո՛, Սուրբ եւ անմահ Պատարագի աղօթքով նուիրականացած այս մաղթանքը որքան որ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալի անձին, նոյնքան՝ նաեւ Սուրբ Աթոռի էութեան եւ առաքելութեան։ Այլ խօսքով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հոգեւոր եւ վարչական կեդրոն ըլլալով հանդերձ՝ ներկայիս հաստատուած Լիբանանի մէջ, մեծ Տուն՝ մեծ Ընտանիք մըն է, որ Աստուծոյ շունչով լեցուած ու ժողովուրդի ծառայութեան առաքելութեամբ զսպանակուած, անդրանցնելով աշխարհագրականօրէն գծուած ամէն սահման կամ տարածքային հասկացողութիւն, կ՛ընդարձակուի ու կը տարածուի նիւթեղէն տունի մը չորս պատերէն, կամ հաստատութեան մը պարիսպներէն դուրս, եւ կը դառնայ համայնական Մեծ Ընտանիք։ Այդ մեծ ընտանիքին մաս կը կազմէ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր Ծուխերով`1957 թուականէն ի վեր։ Այս հասկացողութեամբ ներքին անխզելի կապ մը՝ Կաթողիկոսարան-Թեմ-Համայնք, մեզ կը դարձնէ ՄԷԿ ամբողջութիւն, մէկ՝ էութեամբ, եւ մէկ՝ առաքելութեամբ։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր Ծուխ-համայնքի պատասխանատու պաշտօնի վրայ գտնուող անձինք՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի, հոգաբարձութեանց ու յարակից մարմիններու անդամներ, պարտին հասկնալ իրենց դերակատարութիւնը, եւ զայն թարգմանել համայնական կեանքին մէջ՝ բաժնելով այս գաղափարախօսութիւնը իրենց ծխականներուն հետ։ Այլ խօսքով, մտածել ու ըսել որ եկեղեցւոյ մը պարտաւորութիւնները կը սկսին ու կը վերջանան տեղական համայնքի սահմաններով, մեզ կը հեռացնէ իրապաշտ ճանաչողութենէ եւ կ՛առաջնորդէ իրավիճակի մը որ դատապարտուած է ճահճացումի եւ ի վերջոյ ոչնչացման։ Այնպէս ինչպէս մարմնի իւրաքանչիւր բջիջը կամ անդամը ինքն իր մէջ ամբողջութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ իր գոյութիւնը կը պահպանէ ու կ՛իմաստաւորէ աւելի մեծ ամբողջութեան մը յարաբերաբար, նմանապէս իւրաքանչիւր Ծուխ/համայնք՝ ըլլալով հանդերձ ինքնավար ամբողջութիւն մը, իր աւիշը կը ստանայ Թեմի եւ Կաթողիկոսութեան փոխադարձ յարաբերութեան ընդմէջէն։ Ի մի բան, երբ իրարմով եւ իրարու համար ապրինք ու գործենք, Ծուխ-Թեմ-Կաթողիկոսութիւն՝ նուիրապետական այս կառոյցը չոր ու ցամաք պաշտօնական կարգ ըլլալէ կը դադրի, եւ ինչպէս վերեւ բնութագրեցինք, կը դառնայ Մեծ Տուն-Ընտանիք։ Եւ իւրաքանչիւր ծխական ինքզինք զգալով այդ Մեծ Տան անդամ, ըստ այնմ կը շնչէ ու կը գործէ անոր առողջութեան համար, ոչի՛նչ կը խնայէ անոր բարօրութեան համար, եւ միշտ կը հրճուի անոր յառաջդիմութեամբ, միշտ հաւատալով որ ինչ որ կ՛ընէ Մեծ ընտանիքին համար, ըրած կ՛ըլլայ իրեն համար։ Մեր պատկանելիութեան առաջին խաւը յստակեցնելէ ետք` որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեծ ընտանիքին առողջ անդամներէն մին, կ՛ուզեմ ընդարձակել հաւատքի ինքնութեան շրջագիծը ընդհանրական Հայ եկեղեցւոյ սահմաններէն դուրս, որպէս Քրիստոնեաներ, որ սկիզբ առաւ երկու հազար տարիներ առաջ եւ Հայ ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի բաղադրիչ մասը դարձաւ 1700 տարիներէ ի վեր։ Քրիստոնեայ աշխարհի մաս կազմելով, դրական բարիքներով հարստացած ենք, միաժամանակ մեր անսակարկելի ներդրումը բերած ենք անոր յառաջդիմութեան ։ Այս ուղղութեամբ, յաճախ կ՛առարկուի թէ քրիստոնէական մեր հաւատքը պատճառ դարձած է որ դիւրին ձուլուինք՝ ապրելով քրիստոնեայ աշխարհի մէջ։ Սակայն, երբ պատմութեան ձայնը լսենք, պիտի տեսնենք որ 17 դարերու փորձառութեան ընդմէջէն տարբեր է իրողութիւնը։ Հայ Եկեղեցին իր հաւատացեալներով՝ միշտ շրջապատուած ըլլալով հանդերձ զինք կլանել փորձող ոչ-քրիստոնեայ, բայց մանաւանդ քրիստոնեայ մեծամասնութիւններով, իր ինքնուրոյնութիւնը պահած է, աւելին՝ հոգեւոր առաքելութեան կողքին արդարացուցած է ազգային դիմագծի պահպանման դերակատարութիւնը, լուծ մը՝ որմէ զերծ են առհասարակ Քրիստոնեայ միւս եկեղեցիները։ Բաւ է միայն ակնարկ մը նետել Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին, եւ մենք պիտի նկատենք այնպիսի նրբութիւններ՝ որոնք զարմանք պիտի պատճառեն ո՛չ միայն մեր հաւատքի, այլեւ մեր ինքնութեան պահմանման վրայ անոնց ունեցած որոշադրիչ դրոշմին։ Առանց մանրամասնութեանց երթալու, նշենք բոլորիս ծանօթ յատկանշական օրինակներ։ Հայ Եկեղեցին որքան որ պատմական հիմքերէ առաջնորդուած՝ ի գին ամէն զոհողութեան հաստատ մնացած է Քրիստոսի Ծննդեան թուականի անշարժութեան վրայ՝ զայն տօնախմբելով Յունուար վեցին, միւս կողմէ, Աստուածամօր Վերափոխումն ու Խաչի Վերացման տաղաւար տօները, որոնք անշարժ են Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ աշխարհին մէջ, մեր հայրերը փոխադրած են մօտիկ Կիրակին։ Պարզ պատահականութի՞ւն, թէ՞ յստակ ուղղութեան մը արտայայտութիւն։ Նաեւ՝ Քրիստոնեայ աշխարհին հետ տօնելէ ետք Խաչի նուիրուած երեք տօներ, Հայ Եկեղեցին աւելցուցած է Վարագայ Սուրբ Խաչ տօնը, որ կը շեշտէ մեր առանձնայատկութիւնը, բայց մանաւանդ՝ պատմական պայմաններու բերումով, այսօր վառ կը պահէ մեր իրաւատիրութեան ոգին։ Իսկ Հոկտեմբեր ամիսը նուիրագործելով որպէս մշակոյթի ամիս եւ լուսարձակի տակ բերելով մշակոյթի կարեւորութիւնը, Հայ Եկեղեցին ովկիանոսներէն անդին ափ առած հայորդիին կը վերյիշեցնէ իր արմատներուն գիտակից ըլլալը եւ կը շեշտէ մշակոյթով սնանելու այժմէականութիւնը։ Այս հասկացողութեամբ, ամէն ամիս տօնախմբուող սուրբերը կամ աւանդութիւնները կը միտին մեզ ամրապնդել Հայ հաւատքին եւ ինքնութեան մէջ։ Եզրակացութիւն՝ Հայ Եկեղեցին, նախանձախնդիր իր հօտի ինքնուրոյն պաշտպանութեան, կը գործէ ընդհանրականին մէջ առանձնայատկութիւն պահպանելու լուրջ մտահոգութեամբ, զերծ պահելով իր բանաւոր հօտը լուծումէ, ձուլումէ եւ մասամբ նոցին ուծացումներէ։ Բաւ է, որ մեր կարգին մենք եւս անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ օրհնաբեր դերակատարութեան, զայն թարգմանենք մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Երրորդ անբաժանելի խաւը մեր պատկանելիութեան՝ մեր Հայեցի ինքնութիւնն է, որ կեանք առաւ 4512 տարիներ առաջ Հայկ նահապետի ազատատենչ նետէն արձակուած աղեղով, եւ սուրալով դարերու հուրի եւ սուրի ընդմէջէն, անկախ Մայր հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ ծնած ըլլալու որակաւորումներէն՝ Ամերիկահայ, Լիբանանահայ եւ կամ այլ երկրի Հայ, այսօր իր դարաւոր ընթացքը կը շարունակէ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող իւրաքանչիւր գիտակից հայու մէջ։ Անդրադառնալով մեր գաղութին, այսօրուան ամերիկահայը առաւելաբար ինքզինք կը բնորոշէ որպէս Եղեռնէն քիչ առաջ կամ ետք Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ ոտք դնող հայորդիներու շառաւիղ՝ ճանչցուած որպէս բնիկ ամերիկահայ եւ կամ յետ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի Միջին Արեւելքի ու Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ալիք առ ալիք ժամանող սերունդներու զաւակ՝ որպէս եկուոր Հայ։ Ընկերաբանական երեւոյթ մը, որմէ Հայ հաւաքականութիւնը չէր կրնար զերծ մնալ։ Արդ, Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ որպէս հին, կամ միասնաբար հին ու նոր հայեր, երկու պարագաներուն ալ միշտ ապրած ենք որպէս փոքրամասնութիւն կազմող նոր տարր մը՝ խայտաբղէտ ազգերու ձուլարանին (Melting Pot) մէջ: Երկու զանգուածներէն յառաջացած Ամերիկահայը բեւեռացումէն դէպի միեղինութեան՝ յստակ բիւրեղացում գտնելու ճամբուն վրայ է, եւ մեր մաղթանքն է որ ղեկավարութիւնը այս հոլովոյթին փութացուցիչը (catalyzer) հանդիսանայ։ Ինչ որ այստեղ կ՛ուզեմ շեշտել, սակայն, հետեւեալն է. ինքնութեան որոնումի երթին մէջ Ամերիկահայը թօթափելով անցնող տասնամեակներու հոգեբանութիւնը, ինքզինք պարտի դաւանիլ ո՛չ թէ որպէս Համիտեան ջարդերէն կամ ցեղասպանութենէն ճողոպրած, կամ աւելի ուշ ժամանած լուսանցքային հաւաքականութիւն մը, այլ որպէս Ամերիկեան կեանքի բաղադրիչ տարրերէն մին, որ 1618 թուականին յանձին Մարթին The Armenian-ի մետաքսի մշակման ճարտարարուեստը ներկայացուց այս նոր աշխարհին։ Այնուհետեւ, շերամի թելը երկարելով՝ տաղանդաւոր հայորդիներ ժամանելով, հին աշխարհի փորձառական հարստութիւնը փոխանցեցին նոր աշխարհին, որուն արժանաւոր քաղաքացիներն ենք այսօր: Ուստի, ստորակայութեան ամէն բարդոյթէ զերծ պէտք է զգանք եւ ներկայանանք մեր շրջապատին, ինչպէս համաշխարհային համբաւ վայելող անմահանուն արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր յայտարարած է իր ինքնութեան գծով, թէ ինք 100% Ֆրանսացի կը զգայ, աւելցնելով որ 100% Հայ կը զգայ։ Արդարեւ, երբոր հպանցիկ ակնարկ մը նետենք Ամերիկեան կեանքի այլազան մարզերէն ներս Հայ հանճարի ու տաղանդի ներդրման, անգամ մը եւս պիտի ճշմարտուի պատմահայր Մովսէս Խորենացիի բնութագրումը, թէ՝ «թէեւ փոքր ածու ենք, սակայն պարծանքի բազմաթիւ դէմքեր ու գործեր կան հայ կեանքի մէջ»։ Ա՛յս է որ պէտք է ջամբենք մեր նորահաս սերունդին, որպէսզի Հայու իր հինգ հազարամեակներու փառապանծ արմատին պատուաստելով չորս դարերու ամերիկահայու ինքնութիւնը, եւ զայն զուգորդելով Ցեղասպանութենէն յարութիւն առած եւ վերջին երեսնամեակին վերանկախացած հայրենի պետականութեան հետ, գիտակցութեան առողջ եւ հպարտ ենթահողին վրայ ուռճանայ որպէս Ամերիկահայ, եւ ըստ այնմ նորահաս ոստեր արձակէ՝ հպարտ իր անցեալով եւ ներկայ աշխարհի մէջ իր դերակատարութեամբ, իր առատ բերքը ի սպաս դնելով տեղական կառոյցներու ուժեղացման, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն իր հայրենակիցներու եւ առ հասարակ մարդկութեան կարիքներու արտահասնումով։ Ինքնութեան հետ խորապէս առնչուած է առաքելութիւնը, որ անսահման է իր հորիզոններով, ինչ որ կը մղէ մեզ մնայուն կերպով նորոգուելու եւ ստեղծագործելու։ Ներկայ խօսքի սահմաններուն մէջ, առաքելութեան գծով պիտի բաւականանամ երկու կէտեր միայն առանձնացնել եւ լուսարձակի տակ առնել՝ Հաւատք եւ Երիտասարդութիւն։ Ա. Եկեղեցւոյ առաջնահերթ առաքելութիւնը ըլլալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանով ժառանգուած հաւատքի տարածումը, եւ կեանքի մէջ անոր գործադրումը, ինչ որ ընտրութեանս առթիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթի իմ սրտի խօսքովս յայտնած էի, այստեղ դարձեալ կը կրկնեմ ու կ՛ըսեմ.- Մեր անշեղ առաքելութեան որպէս ուղեգիծ՝ մեր աշխատանքին կարեւոր բաժինը պիտի տրամադրենք հոգեւոր կեանքի աշխուժացման, որպէսզի հաւաքական կերպով ապրինք հաւատքի գարունը՝ ծաղկեալ պահելով մեր հայրերէն ժառանգած այնքան հարուստ եւ պանծալի հոգեմտաւոր անդաստանը, իր բոլոր մարզերով։ Հաւատքը ո՛չ որպէս կոյր, անգիտակից, կամ առաւելագոյնը՝ աւանդական, բարեպաշտական, ծիսական արտայայտութիւն, այլ որպէս ամբողջական վստահութիւն՝ որպէս մղիչ ոյժ մեր երկրաւոր ու երկնաւոր երազներու իրագործման՝ անձնական թէ հաւաքական մակարդակներով։ Արդարեւ, հաւատքը ո՛չ միայն Արարիչին հետ արարածի հաղորդակցութեան անզուգական կապ է եղած Հայուն համար, այլ անով պարուրուած եւ այլակերպուած է ողջ Հայ կեանքը։ Հաւատքո՛վ ծնունդ առաւ Մեսրոպածին այբուբենով Հայ մշակոյթը, հաւատք՛վ զրահապատուած Հայ զօրականը յաղթանակի սաղմոսներ արտասանելով պատերազմի դաշտ սուրաց՝ ինչպէս կը վկայեն պատմագիրները, հաւատքո՛վ Հայ քարակոփը շունչ եւ լեզու տուաւ քարին՝ որպէսզի խաչքարով պատգամէ զոհողութեան ոգին, հաւատքո՛վ լծեց մշակը իր եզները եւ արեւաբացին երգեց՝ «Օրհնեալ է Աստուած, լուսը լուսացաւ, վեր կացէք գութանաւոր», հաւատքո՛վ ցանեց սերմնացանը իր հացահատիկները՝ Եղեռնի անմահանուն նահատակ Դանիէլ Վարուժանի բառերով, թէ «Մշակ՛, ցանէ՛․․․ծիտերն ինչ փոյթ թէ հատիկներդ կ՛աւարեն. տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ», հաւատքո՛վ տառապեցաւ իր ժողովուրդի ցաւերը Խրիմեան Հայրիկ եւ իր աղօթքները քաջարի մարտիկները հանեցին լեռները, հաւատքի աստղադիտակով մայր բնութեան ու տիեզերքի գերազանց գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը զննելով, Խարբերդի մէջ ծնած եւ Ամերիկայի մէջ գործած գրագէտ Համաստեղը մտքի ու սրտի քնարով երգեց՝ «Կը հաւատամ, որ կաս, Տէ՛ր, որովհետեւ կը զգամ քու շունչը ծաղիկներուն մէջ», եւ վերջապէս երկիւղած հաւատքո՛վ է որ շուրջ երկու ամիսներ առաջ՝ Շաբաթ, 30 Մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Տիար Դաւիթ Տօնոյեանը, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ցեղասպանութեան Նահատակաց Խորանին առջեւ իր անձնական խաչը օրհնել տալով, զայն վզէն անցուց, որպէս խաչակիր Պաշտպանութեան նախարար։ Այս բոլորը կը մէջբերեմ անոր համար որ առհասարակ ամէնքս, որպէս Լուսաւորչաւանդ եկեղեցւոյ սուրբ Աւազանէն վերածնած եկեղեցական կամ աշխարհական, կեանքի տարբեր ասպարէզներու մէջ կամ ընկերային կարգերու վրայ գտնուող քրիստոնեայ հայեր, առանց զոհ երթալու նիւթէն կամ գաղափարախօսութիւններէ բխած ըմբռնումներու, ամէնքս ապրինք եւ չզրկենք զմեզ հայրենաւանդ հաւատքի կենդանարար ու օրհնաբեր բարիքներէն։ Առանց ամչնալու խոստովանիլ ու ապրիլ հաւատքը կ՛ենթադրէ ինքնութեան գերագոյն գիտակցութիւն, որ կ՛ոսկեզօծէ մեր մարդկային փխրուն բնութիւնը՝ յաղթահարելու ամէն տեսակի ժանգեր։ Արդարեւ, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ան որ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց» (Մատթ. ԺԲ 32)։ Աղօթքս է որ ինծի յանձնուած բանաւոր հօտի առհասարակ բոլոր զաւակները առանց ամօթի կանգնին Արդար Դատաւորին առջեւ, եւ լսեն Տէրունական երանաւէտ ձայնը՝ «եկէք եւ ժառանգեցէք աշխարհի սկիզբէն իսկ պատրաստուած բարիքները» (Մատթ. ԻԵ 34)։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այս ուղղութեամբ գործակից ունենալ Թեմիս Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ հոգեւոր եղբայրներս, որոնք գիտակից Տէրունական պատուէրին՝ «Տուք զկայսերն կայսեր, եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ», միշտ կը մատակարարեն իրենց վստահուած հօտին հոգեւոր սնունդը, եւ անոր կողքին ըստ պատշաճի՝ Հայ ժողովուրդի լինելութեան, արդի ընկերութիւնը յուզող, նաեւ մարդկային արդար իրաւունքներու հետ առնչուած ամէն տեսակի հարցեր։ Այժմ կ՛անցնիմ գլխաւոր երկրորդ առաքելութեան՝ Երիտասարդութեան, որ երաշխիքն է ժողովուրդի մը գոյապահպանման, եւ որուն ֆիզիքականի կողքին հոգեմտաւոր զարգացումը ո՛չ միայն կարեւոր, այլ հրամայական է։ Ինծի համար մեծ առաւելութիւն է, որ նախորդ Առաջնորդներէն կը ժառանգեմ հարուստ պաշար մը այս ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարանը Կիրակնօրեայ վարժարաններու կողքին 32 տարիներէ ի վեր հաստատած է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի՝ «Տաթեւ» անունով ճանչցուած լսարանը, ուր ամէն տարի շուրջ յիսուն պատանիներ եւ պարմանուհիներ տարբեր նահանգներէ մէկտեղուելով Փէնսիլվանիոյ մէջ, ամբողջ շաբաթ մը կ՛առանձնաշնորհուին ցօղուիլ Հայ հաւատքի, մշակոյթի, ոգիի, եւ ընկերային կեանքի բարիքներով։ Վերջին երկու տարիներուն երիտասարդական նոր առաքելութիւն մը կեանք առաւ, որուն կնքանունը պաշտօնապէս դարձաւ "Աղ եւ Լոյս" երիտասարդական առաքելութիւն։ Վստահ եմ որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը պատճառէ ամէնքիս որ Հովիւներու եւ Հոգաբարձութեանց անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ՝ Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս, Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս եւ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու խումբերուն շարքը անցեալ Հոկտեմբերէն սկսեալ խտացաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու խմբակներով, որոնց շուտով պիտի միանայ Պոսթընի Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցւոյ խմբակը, եւ յուսով ենք որ վարակիչ դառնալով այս շարժումը, մեր համայնքները միահամուռ կերպով պիտի որդեգրեն գաղութները թարմացնող "Աղ եւ Լոյս" երիտասարդաց առաքելութիւնը։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ նախանցեալ ամիս երիտասարդական նոր միաւոր մը եւս ծնունդ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի գրկէն ներս՝ "Երիտասարդ Ամոլներու" խմբակը, որ իր կազմաւորման ընթացքին մէջ է։ Որպէս Ամերիկահայ գաղութ, մեզի համար մեծ առաւելութիւն է որ մեր մէջ ունինք ՀՄԸՄ-ի եւ Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) զոյգ կազմակերպութիւնները, որոնք մեր երիտասարդներու կամքն ու կորովը կը ջրդեղեն աւանդական արժէքներով եւ Հայու արդար իրաւունքի գիտակցութեամբ։ Երիտասարդական այս միաւորները՝ ո՛չ մէկ կասկած, ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, բայց նաեւ կը բաժնեն հասարակաց ժառանգութիւն մը, եւ որքան ղեկավարութեան կողմէ առիթ ընծայուի անոնց իրարու հետ ըլլալով՝ զիրար ճանչնալու եւ միասնաբար ծրագրելու եւ գործելու, աւելի կ՛արդիւնաւորուի համա-ազգային մեր կեանքը։ Այս ուղղութեամբ թոյլ տուէք որ միայն տեսական չըլլամ, այլ օրինակներով խօսիմ։ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ու համայնքին պատասխանատուները՝ ողջմիտ եւ հեռատես մօտեցումով դաստիարակելով իրենց երիտասարդութիւնը, որքան խրախուսիչ է տեսնել որ նոյն տղաքն ու աղջիկները ՀՄԸՄ-ի, ՀԵԴ-ի, Տաթեւի մէջ են, Խորանի վրայ են, դպրաց դասի մէջ են, ինչ որ երաշխիքն է որ վաղը անոնք՝ աւելի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուելով, ապագայի մեր ղեկավարները պիտի ըլլան։ Նոյնքան շնորհաւորելի է, որ Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ "Աղ եւ Լոյս" եւ ՀԵԴ-ի պատանիները յաճախակի միացեալ հաւաքներ կ՛ունենան եկեղեցւոյ յարկէն ներս, որոնց կը միանան նաեւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ պատանիները։ Այս բոլորը կը վկայեն ժամանակի պահանջքներուն դիմաց՝ արթուն եւ շրջահայեաց ղեկավարութեան առողջ մտածելակերպն ու գործելակերպը։ Ահա այս ձեւով ԱՌՈՂՋ մարմին, միտք ու հոգի նշանաբանով ու գործընթացքով երբ միասնաբար աճի եւ հասակ առնէ նորահաս սերունդը, լաւագոյն գրաւականը կը դառնայ մեր գաղութներու աշխուժացման, հզօրացման, յառաջդիմութեան եւ գոյապահպանման։ Վերոյիշեալ կազմակերպութեանց զուգահեռ, կան երիտասարդական ինքնուրոյն այլ կազմակերպութիւններ, ինչպիսին են Young Professionals, Armenian Students Association, համալսարաններէ ներս Armenian Clubեր, ACYOA եւ այլք։ Սակայն, այս բոլորին կողքին ունինք երիտասարդներու հսկայ զանգուած մը, որ ինչ-ինչ պատճառներով հեռու կը մնայ Հայ շրջանակէն առհասարակ, եւ հետեւաբար Հայ կեանքը կը զրկուի մեծ դրամագլուխէ։ Ներգրաւել այդ զանգուածը կը կարօտի լուրջ եւ հետեւողական ծրագրումի, եւ բառին վաւերագոյն իմաստով մաս կը կազմէ համա-ազգային՝ հաւաքական առաքելութեան։ Երիտասարդութիւնը, ընդհանրապէս, իսկ Ամերիկայի այս տարածքին, ի մասնաւորի, ներգրաւելու խոչընդոտները շատ են՝ սերնդային, ընկերային, տնտեսական եւ այլ պատճառներ, սակայն անոնց գլխաւորները, որպէս մէկ ամբողջութիւն եթէ փորձենք խմբաւորել՝ զիրենք լսելու, հասկնալու եւ իրենց վստահելու հարցն է։ Հին սերունդը միշտ փորձած է կաղապարել նորը, զրկելով զայն իր ազատ մտածողութեան եւ գործելակերպի թռիչքէն, որ անոր ինքնութիւնն իսկ է։ Ո՛չ մէկ կասկած որ հին սերունդը շատ բան ունի փոխանցելիք նորին, եւ նորը՝ սորվելիք հին սերունդէն, այնու ամենայնիւ պէտք է ընդունինք թէ որքան որ նոր սերունդը մեր զաւակներն են, սակայն ինչպէս Լիբանանեան ծագումով Ամերիկացի հռչակաւոր բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ արուեստագէտ Ճպրան Խալիլ Ճպրան ըսած է՝ «Ձեր զաւակները ձերը չեն... անոնց կրնաք ձեր սէրը տալ, բայց ոչ ձեր մտածումները, որովհետեւ անոնք իրենցը ունին։ Դուք կրնաք պատսպարել անոնց մարմինները, բայց ո՛չ հոգիները, որովհետեւ անոնց հոգիները կը բնակին վաղուան բնակարանին մէջ, ուր դուք չէք կրնար այցելել, ո՛չ իսկ ձեր երազներուն մէջ... Մի՛ ջանաք զիրենք ձեզի նմանեցնել, որովհետեւ կեանքը առաջ կ՛երթայ եւ ո՛չ ետեւ»։ Արդարեւ, երբ լսենք երիտասարդութեան, պիտի սկսինք հասկնալ զիրենք ինչպէս որ իրենք են, եւ երբ ճանչնանք զիրենք, մե՛նք դուրս գալով կաղապարուած մեր ընթացքէն, պիտի վստահինք իրե՛նց՝ ե՛ւ իրենց կարողականութեան, ե՛ւ իրենց գործելակերպին, որով սերուդներու միջեւ ստեղծուած խրամատը նեղնալով, երիտասարդները պիտի զգան ջերմ ու անկեղծ գրկաբաց դիմաւորումը իրենց սերունդին, եւ գործօն անդամը ըլլալով այս Մեծ Տան, իրենց ներդրումով անվարան պիտի հարստացնեն մեր ազգը՝ բարձր վարկ ապահովելով միջազգային բեմին վրայ։ Վստահ եմ, որ այս ընթացքին մէջ ամէնքս աշակերտներ ենք, մեծ կամ փոքր՝ ամէնօրեայ դասեր սորվելու կեանքի Մեծ Ուսուցիչէն, որ Արարիչ ըլլալով հանդերձ իր արարածներուն վստահեցաւ աստուածային իր պատկերը՝ տնտեսելու այս հոյակապ աշխարհը։ Քաջ կը հաւատամ որ այսպիսի իմաստութեամբ ցանուած սերմերը Աւետարանի բառերով կը պտղաւորուին «մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր համեմատութեամբ» (Մարկ. 4.8): Եզրափակելով խօսքս, կ՛ըսեմ. որպէս մեծ ընտանիք՝ կրօնական, քաղաքական, մարդասիրական, մշակութային, մարմնակրթական մեր բոլոր հիմնարկներով երբ ֆիզիքականի ու մտաւորականի կողքին նաեւ հոգեւոր դիմադրականութեամբ (immune system) օժտենք մեր երիտասարդութիւնը, ան կրնայ յաղթահարել շրջապատի այլազան ժահրերուն (virus), եւ բազմադարեան իր Հայ Քրիստոնեայի դիմագիծը ժամանակակից պայմաններուն ընդմէջէն անցընելով, ինչպէս ոսկին կրակի բովին մէջէն, դուրս գայ աւելի փայլուն եւ արժէքաւոր, տէ՛ր կանգնի իր դարաւոր արժէքներուն ու իրաւունքներուն, եւ ժամանակակից բարիքներով զանոնք առաւել եւս արդիւնաւորէ՝ միշտ իր աչքերը յառելով մեր ժողովուրդի լինելութեան խորհրդանիշ Արարատին, եւ աւելի անդին՝ յաւերժական կեանքին։ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՖՐԷՄԻՆԿՀԷՄ, ՄԱ 16-18 ՄԱՅԻՍ, 2019
0 Comments
Leave a Reply. |
Archives
May 2024
Categories |