Saint Gregory Armenian Apostolic Church ​of Merrimack Valley
  • Home
  • News & Events
    • Festival of Trees
    • DESCRIPTION of Trees
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Cigar Night
      • Mercedes SUPER Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
    • Terms
    • Privacy
  • Giving
    • Stewardship
    • Online Giving & In Lieu of Flowers
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search

Առաջնորդ Սրբազան Հօր 2018 թ. Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Առթիւ Պատգամ

12/29/2017

1 Comment

 

Ազատարար Փրկիչը
        «Եւ զայն կոչեց Յիսուս*» (Մտ 1.25) 

Picture
    ​Քրիստոսի ծննդեան յիշատակի այս օրերուն, երբ մեր միտքերը կ՚երթան քսան դարեր առաջ Յիսուսի ծննդեան հրաշալի դրուագին, պահ մը կ՚երեւակայեմ այն ուրախութիւնը, որ ունեցան իր ծնողները՝ Յովսէփ ու Մարիամ։ Ծնողական զգացումներու եւ ընտանեկան գալիք երջանկութեան պահն է, մանաւանդ երբ նկատի կ՚ունենանք յաջորդական դրուագներով աստուածային միջամտութիւնը– հրեշտակին աւետումը եւ Մարիամի յղութիւնը, անոր այցելութիւնը Եղիսաբէթի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի մօր, եւ վերջապէս, պարզ մսուրի մը մէջ երկինքի թագաւորին ծնունդը։
    Աստուածամայր Մարիամ իր օրհներգութեամբ գովաբանեց զԱստուած՝ ակնարկելով որ իր մէջ յղացուածը փրկութիւն պիտի բերէր մարդկութեան, հզօրները գահազրկելով եւ խոնարհները բարձրացնելով (Մեծացուսցէ):
    Ու Մարիամ ծնաւ իր զաւակը եւ համաձայն հրեշտակին աւետումին՝ զայն կոչեց Յիսուս, Փրկիչ։ Հաւատացեալներու Ազատարարը։
    Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ, Քրիստոսը մեր հաւատքին մէջ ընդունեցինք՝ հաւատալով մարդկութեան թէ անհատին փրկութեան։ Դարերով աղօթեցինք իրեն, անոր քարոզներն ու պատգամները դարձնելով ամենօրեայ մեր կեանքին զօրութիւնն ու նպատակը, ազգային մեր նկարագիրը դարբնելով քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներով։ Որպէս անհատներ, մեր անձերու փրկութեան համար աղօթեցինք ու աղաչեցինք՝ յաւիտենական կեանքի յոյսով լեցուն։ Բայց միեւնոյն ատեն, անհատի փրկութիւնը մեր հաւատքին մէջ եղաւ նաեւ հաւաքական, մեր ամբողջ ազգին փրկութեան յոյսը։ Յաւիտենականութիւնը, ազգային գոյատեւումը եւ անոր համար մեր նահատակութիւնը չունէին ուրիշ մղիչ ոյժ, եթէ ոչ սէրը հանդէպ Քրիստոսի եւ յոյսը՝ անոր հետ եւ միջոցաւ գտնելու ազգային մեր փրկութիւնը։ Մեր նուիրումն ու հաւատքի կենսագործութիւնը եղան հոգիի ազատութեան գերագոյն արտայայտութիւնը, եւ ի պահանջել հարկին, Քրիստոսի հետ ազատ ապրիլը եղաւ ազգային մեր «Հաւատամք»ը եւ հաւաքական մեր երթը։ Այսպէս ապրեցանք, այսպէս քարոզեցինք, այսպէս գոյատեւեցինք։
    Մեր նշանաբանը եղաւ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», ինչպէս Վարդանանք յայտարարեցին եւ իրենց նահատակութեամբ ազգային ազատութիւնը գրկեցին։ Հոգիի ազատութեան մեր հաւատքը ապացուցուեցաւ մեր անձնուիրութեամբ, նահատակութեամբ ու յաղթանակով։
     2018 տարուան առաջին այս օրերուն, տարուան տարեթիւը մեզի կը յուշէ հարիւր տարի առաջ ուրիշ զոհողութիւն մը, պայքար ու յաղթանակ մը։ Մայիս 28, 1918-ին, մեր ազգին պոռթկումը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ազատութեան թռիչքը, ցեղասպանութենէն՝ ազգային խաչելութենէն ետք յարութիւնն ու յաղթանակը։ Դարերով ազգային մեր կեանքը՝ Քրիստոսի սիրով հարստացած ու զօրացած, մեր հերոսներն ու ժողովուրդը արտայայտեցին Հայրենիքին հանդէպ սիրով։ «Վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց» անլռելի կանչը մղեց զանոնք գերագոյն զոհողութեան եւ փրկութեան։ Չէ՞ որ Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը փրկութեան ճամբան է։ Այո՛, նոյն այդ հաւատքը նահատակութեամբ սրբացած մեր հայրենիքին հանդէպ, մղեց մեր ժողովուրդը դէպի պայքարի դաշտ, հայրենիքի հանդէպ հաւատքի շօշափելի վկայութեան եւ յաղթանակի։ Հոգիի ազատութիւնը սաւառնեցաւ արիւնով ու քրտինքով նուիրականացած մեր հայրենի հողերուն վրայ, որուն համար նահատակութիւնը՝ զինուորին թէ շինականին, համարուեցաւ պատիւ եւ այդ պատիւին պաշտպանութիւնը՝ փառաւորում։
     Մայիսեան պայծառ եւ յաւիտենական պատգամ ունեցող հարիւրամեակին առիթով, անհրաժեշտ է համազգային ընդառաջումով նուիրուիլ ազատութեան գաղափարին հիմքը կազմող քրիստոնէական մեր հաւատքին, եւ անոր միջոցաւ միս ու ջիղ կազմած, նկարագիր կազմած մեր ազգային ազատութեան ոգիին։ Անմեռ է այդ ազատութիւնը, եւ մեր հաւատքի Աստուծոյն նման՝ յաւիտենական։ Եւ այս ճշմարտութեան հաւատարիմ հայորդիներս, այսօր կոչուած ենք մնալու նոյն հաւատարմութեան մէջ, Քրիստոսի ծնունդով մեզի բերուած փրկութիւնը դարձնելու ուխտ՝ Մայիսեան յաղթանակով շահուած մեր ազգին փրկութեան։ Եւ ինչպէս Քրիստոսի հանդէպ անհաւատարմութիւնը իր դիմաց ունի Աստուծոյ դատաստանը, նոյնպէս ալ հայրենիքին հանդէպ անտարբերութիւնը ունի մեր ազգին դատաստանը։
   Ուստի, Յիսուսի ծննդեան յիշատակի այս օրերուն, մեր պատգամն է, որ ազգովին հաւատարիմ մնանք մեր հաւատքի ճշմարտութեանց, ապրինք Յիսուսով, մեր Փրկիչով եւ ազգովին նուիրուինք մեր Հայրենիքի հզօրացման ու յաւերժութեան։
     Եւ այն ատեն, թող Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը շնորհաւոր ըլլայ բոլորիս։

​Աղօթարար՝
ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

1 Յունուար, 2018 
​
*Յիսուս եբրայերէն՝ Եոշուա, կը նշանակէ «Տէրը կը փրկէ», կամ՝ «Տէրը փրկութիւն է»։ 

1 Comment
RC Books link
10/23/2023 09:09:51 pm

Greatt post thanks

Reply



Leave a Reply.

    Archives

    April 2025
    December 2024
    November 2024
    October 2024
    June 2024
    May 2024
    April 2024
    January 2024
    December 2023
    November 2023
    October 2023
    September 2023
    July 2023
    June 2023
    April 2023
    March 2023
    January 2023
    October 2022
    September 2022
    August 2022
    July 2022
    April 2022
    March 2022
    January 2022
    December 2021
    October 2021
    September 2021
    August 2021
    July 2021
    April 2021
    January 2021
    December 2020
    September 2020
    June 2020
    February 2020
    January 2020
    December 2019
    November 2019
    October 2019
    September 2019
    August 2019
    July 2019
    June 2019
    May 2019
    April 2019
    March 2019
    February 2019
    January 2019
    December 2018
    November 2018
    October 2018
    September 2018
    July 2018
    June 2018
    April 2018
    March 2018
    February 2018
    December 2017
    November 2017
    September 2017
    August 2017
    May 2017
    April 2017
    March 2017
    January 2017

    Categories

    All
    News

    RSS Feed

    Print Blog

Location

SEARCH
Print Page

Contact Us

  • Home
  • News & Events
    • Festival of Trees
    • DESCRIPTION of Trees
    • Calendar
    • Events Form
    • Blog
    • Facebook
    • Photos
    • Videos
    • Links
  • Organizations
    • Sunday / Armenian School
    • Men's Club >
      • Cigar Night
      • Mercedes SUPER Raffle
    • Ladies' Guild
    • AVAK
    • Building Committee
  • About
    • Church Hours
    • Our Pastor
    • Membership
    • Board of Trustees
    • Services
    • Hall Rental
    • Terms
    • Privacy
  • Giving
    • Stewardship
    • Online Giving & In Lieu of Flowers
    • Donations & Sacraments
    • Endowment Fund
    • COVID Appeal
  • Contact
  • Search